ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի մէջ այս տարուան առաջին կիսամեակին արտադրուած է 11 միլիառ 625 միլիոն դրամի շաքար, որմէ իւրացուած է 7 միլիառ 418 միլիոնը, մինչ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, շաքար չէ արտադրուած: 2011ին Հայաստան ներածուած է 1 թոն ճակնդեղ, շաքարեղէգ, ջրիմուռ, պտուղներու կորիզ եւ միջուկ՝ 3779 տոլար արժէքով:
Այս տարի արտադրուած շաքարէն 601 միլիոն 600 հազար դրամի չափով շաքար (5.18 տոկոս) արտածուած է մասնաւորապէս Վրաստան:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ շաքարի արտադրութեամբ կը զբաղի միայն Ախուրեանի «Լուսաստղ-Շուկր» շաքարի գործարանը: