ՓԱՐԻԶ.- Այսօր՝ Նոյեմբեր 17ին, Ֆրանսայի մէջ կը մեկնարկէ համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը՝ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի երկրորդ մեծագոյն դրամահաւաքը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 20:
Հայաստանի ու Արցախի վերականգնման ուղղուած այս կարեւոր նախաձեռնութեան իրենց նուիրատուութիւններով մասնակցելու կոչ կ՛ուղղուի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ շուրջ 60,000 հայ ընտանիքի ու կազմակերպութեան։
Համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնին կը մասնակցին նաեւ Հոլանտայի եւ Յունաստանի հայ համայնքները:
Հեռախօսամարաթոնի հանգանակութիւնները այս տարի պիտի ուղղուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Տաւուշի մարզի շուրջ մէկ տասնեակ գիւղերու ջուրի խնդիրի լուծման:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուան համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնին արդիւնքով հանգանակուած շուրջ 1,400,000 եուրօն ուղղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանի Հարթաշէն, Տող, Ակնաղբիւր, Ուխտաձոր գիւղերու ջրամատակարարման համակարգերու կառուցման եւ Հայաստանի Շիրակի մարզի Աշոցք գիւղի դպրոցի կառուցման:
«Հեռախօսամարաթոն 2011»ի կնքահայրը Ֆրանսայի մեծ ժողովրդականութիւն վայելող հաղորդավար Միշել Տրիւքերն է: «Հազարաւոր մարդիկ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ կ՛ակնկալեն ձեր առատաձեռն մասնակցութիւնը», ըսելով Եւրոպայի հայ համայնքներուն կը դիմէ Միշել Տրիւքեր:
Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի խօսքով, հեռախօսամարաթոնը արդէն ընդլայնած է իր ազգային սահմանները. այսօրուան դրութեամբ, Հայաստանին ու Արցախին սատարելու նպատակով հեռախօսամարաթոնին կը մասնակցին նաեւ մեծ թիւով այլազգ կամաւորներ: Միայն Տուլուզի մէջ այս տարի հեռաձայնողներու 90 տոկոսը այլազգերու ներկայացուցիչներ են:
Յիշեցնենք, որ Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը հեռախօսամարաթոն կը կազմակերպէ 2000էն ի վեր: