ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, Նոյեմբեր 3ին, տեղի ունեցած է հանդիպում մը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Հրանդ Մարգարեանի, Վահան Յովհաննիսեանի, Լեւոն Մկրտչեանի եւ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ նորանշանակ դեսպան Ճոն Հեֆըրնի ու քաղաքական հարցերու պատասխանատու Քրիսթոֆըր Անտըրսընի միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ տարածաշրջանային քաղաքական զարգացումներուն վերաբերող հիմնահարցեր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները յայտնած են կուսակցութեան դիրքորոշումները եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին իրենց գնահատականները:
Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել հանդիպումները ե՛ւ ընդհանուր, ե՛ւ յստակ հարցերու քննարկման նպատակով:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են դեսպանին, ՀՅԴ կեդրոնը այցելելուն համար, եւ կուսակցութեան անունով յաջողութիւն մաղթած են անոր՝ իր պատասխանատու առաքելութեան մէջ: