ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ Ազգային ժողովի ՀՅ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան հանդիպումները բնակչութեան հետ կը շարունակուին: Տարբեր համայնքներու մէջ արդէն իսկ իրականացած են երեք տասնեակ հանդիպումներ: Հոկտեմբեր 21ին, Ղարաբաղի ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները՝ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, հանդիպում ունեցան Քարվաճառի մէջ, ուր հանգամանօրէն ներկայացուցին Ազգային ժողովին մէջ վերջին ամիսներուն կատարուած աշխատանքի վերլուծութիւնը:
Նշենք, որ ԼՂՀ 5րդ Ազգային ժողովը, ընդունելով աւելի քան 130 օրէնք՝ փորձած է հնարաւորինս յստակութիւն կատարել տարբեր բնագաւառներու մէջ, սակայն ընդունուած օրինագիծները համահունչ չեն Դաշնակցութեան մօտեցումներուն:
Ներկայացնելով խմբակցութեան գործունէութիւնը ԱԺի մէջ՝ Արմէն Սարգսեան տեղեկացուց, որ Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը դէմ քուէարկած է փոխադրամիջոցներու պարտադիր ապահովագրութեան օրէնքի ընդունման: Իսկ Ղարաբաղի ջուրի ազգային ծրագիրին հարցով, խմբակցութիւնը տուած է իր հաւանութիւնը, քանի որ ծրագիրի խնդիրներէն են ջրային պաշարներու պահպանումը եւ յաւելումը։
«Մեր երկրին համար կենսական նշանակութեան մի շարք հարցերի վերաբերեալ իր դիրքորոշումներն է արտայայտել Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը», նշեց Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, «Արտաքին քաղաքականութեան շուրջ Դաշնակցութիւնը ոչ մի թիզ հող չզիջելու շուրջ կարգախօսով է միայն պատկերացնում բանակցային գործընթացը: Բանակցել հակառակորդի հետ եւ սեղանին դնել մէկ հարց՝ կարգավիճակի հարցը, ինչն արել է Քոսովոն Սերպիայի հետ»:
Քարվաճառցիներուն ամէնէն աւելի կը հետաքրքրէր վերաբնակեցման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը:
«Վերաբնակեցման առումով մեր կուսակցութիւնն ունի իր դիրքորոշումը: Մենք այդ հարցի լուծման համար ներգրաւել ենք նաեւ Սփիւռքի ներուժը: Մեր կուսակցութիւնը գնահատել է վերաբնակեցման քաղաքական դերը: Հողերը աւելի շատ տնտեսական նշանակութիւն ունեն, եւ որքանո՛վ կարողանանաք տնտեսապէս զարգացնել շրջանը, այնքանո՛վ առաջընթաց կ՛ունենանք քաղաքական ասպարէզում: Թեման դեռ բաց է մնում, սակայն խնդրին ճիշդ մօտեցում ցուցաբերելու դէպքում, այս ոլորտում հնարաւոր կը լինի համակարգուած աշխատանքներ իրականացնել», ըսաւ ԱԺ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավարը:
Նշենք, որ Ղարաբաղի ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հանդիպումները համայնքներու բնակիչներուն հետ կը կրեն շարունակական բնոյթ: