ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Արմէնփրէս».- «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը վար պիտի դնէ իր զէնքը միայն այն ատեն, երբ Թուրքիա ճանչնայ քիւրտերու ինքնակառավարուելու իրաւունքը», յայտարարած է կուսակցութեան ռազմական թեւի առաջնորդ Մուրատ Քարայըլան:
Քրտական «Ֆրա»չ լրատուական գործակալութեան համաձայն, Քարայըլան դրական համարած է Սպանիոյ պասք անջատողականներու «ETA» խմբաւորման կողմէ զէնքը վար դնելու որոշումը՝ նշելով, որ այդ քայլը արդիւնք էր պասքերու ինքնակառավարման իրաւունքը ճանչնալու Սպանիոյ կառավարութեան որոշումին: Ան նաեւ համոզմունք յայտնած է, թէ Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի քիւրտ զինեալներուն միջեւ զինեալ ճակատում տեղի պիտի չունենայ, հակառակ այդ նպատակով տարուող Թուրքիոյ ջանքերուն:
Քարայըլան նշած է նաեւ, թէ վերջին երեք տարիներուն Թուրքիոյ կառավարութիւնը ուղղակի բանակցութիւններու մէջ է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ, եւ յոյս յայտնած է, որ կողմերուն միջեւ զինադադար յայտարարելու համաձայնութիւն մը կը գոյանայ, հակառակ Անգարայի որդեգրած կարծր կեցուածքին: