ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Յունաստանի վարչապետ Եորկօ Փափանտրէու Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2ին Ֆրանսա մեկնեցաւ, եւրոպացի ղեկավարներու հետ քննելու համար Եւրոմիութեան հետ անցեալ շաբաթ գոյացած համաձայնութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու իր անակնկալ որոշումը:
Նոյն օրը, Յունաստանի կառավարութիւնը զօրավիգ կանգնեցաւ հանրաքուէ կատարելու Փափանտրէուի ծրագիրին: Կը նախատեսուի, որ հանրաքուէն տեղի ունենայ Դեկտեմբերին։
Չորեքշաբթի երեկոյեան, ընդդիմադիր երեսփոխաններ սկսան կառավարութեան վստահութեան քուէն ետ խլելու գործընթացին, որուն շուրջ քուէարկութիւնը ամենականուխը Ուրբաթ օր կրնայ տեղի ունենալ: Փափանտրէուի կառավարութիւնը ներկայիս միայն երկու աթոռի առաւելութիւն մը ունի 300 աթոռ ունեցող Յունաստանի խորհրդարանին մէջ:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել արտակարգ հանդիպումի մը հրաւիրած էին Փափանտրէուն, Ֆրանսայի մէջ կայանալիք 20ի խմբակին գերաստիճանի նախօրեակին:
Գերմանիա նաեւ Յունաստանը զգուշացուց, թէ Յունաստանը սնանկութենէ փրկելու նպատակով առաջադրուած ծրագիրը վերաբանակցելի չէ։
Հանրաքուէ կատարելու Յունաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը Եուրոգօտիի անդամ երկիրներուն մէջ մեծ անակնկալ պատճառած էր եւ սակարանները մեծ անկումներ կրեցին անոր հետեւանքով։