
Ամերիկայի Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու կազմակերպութիւնը (AESA) կը տեղեկացնէ, թէ իր 28րդ տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի մեծարէ դոկտ. Մարինա Գեւրեկեանը՝ կազմակերպութեան տարեկան գիտական մրցանակները առաջնորդելուն, ինչպէս նաեւ միաժամանակ իր մասնագիտութեան մարզին ու հայ համայնքին մատուցած սպասարկցութեանց համար. այս մասին կը յայտնէ հայ գիտնականներու սոյն կազմակերպութեան նախագահ Արմէն Յովհաննէսեան:
Պարսկաստանի ու Ֆրանսայի համալսարաններուն մէջ մասնագիտացած քիմիագէտը թէ՛ Իրան եւ թէ Ֆրանսա իր ուսանողական տարիներուն ընթացքին գործօն անդամ մը եղած է տեղւոյն հայ համայնքներուն մէջ, իսկ Քալիֆորնիա հաստատուելէն ետք, սկսած է կազմակեպելու նշեալ գիտական մրցումները, շրջանի հայ աշակերտներուն համար:
Ան նաեւ անդամ եղած է հայկական զանազան կազմակերպութեանց վարչութիւններուն ու կը պաշտօնավարէ «Johnson and Johnson» ընկերութեան մէկ բաժանմունքը հանդիսացող «Bioscience-Webster»ի մէջ:
Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու կազմակերպութեան տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 12ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ (1510 E. Mountain Street, Glendale, CA 91207): Մուտքի սակը 90 տոլար է, իսկ ուսանողներուն համար՝ 60 տոլար: Տոմսերու համար այցելել www.itsmyseat.com կայքը, հեռաձայնել (818) 547-3372 թիւին կամ դիմել contact@aesa.org հասցէին: