
ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 28ին, Օփերայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի հանրահաւաքը, որուն ընթացքին ՀԱԿի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, խօսելով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման մասին՝ ըսաւ. «Հայաստանի ներքաղաքական պայքարը թեւակոխում է վճռական, այն է՝ նախընտրական փուլ։ Եթէ, հակառակ գործադրուած բոլոր ջանքերին, այնուամենայնիւ առաջիկայում չյաջողուի հասնել Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին, իսկ քաղաքականութեան մէջ ոչինչ բացառուած չէ, ապա Կոնգրեսը պէտք է ձգտի Ազգային ժողովում ապահովել այնպիսի ծանրակշիռ ներկայութիւն, որն առանձին կամ այլ ուժերի հետ կազմած դաշինքով, ի վիճակի լինի անմիջապէ՛ս բարձրացնելու նրա պաշտօնանկութեան, կամ այլ կերպ ասած՝ «իմփիչմեն»չի հարցը»:
Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան խօսեցաւ ընտրութիւններու օրինականութեան ապահովման մեքենականութիւններու կատարելագործման մասին: Ան առաջարկեց երկիրէն երկար ժամանակ բացակայ, բայց հաշուառումի մէջ գտնուող քաղաքացիներուն անունները հանել ընտրացուցակներէն, նաեւ հրաժարիլ մեծամասնական ընտրակարգէն, բազմակուսակցական ընտրական յանձնաժողովները փոխարինել պետութեան կողմէ ձեւաւորուած յանձնաժողովներով եւ իւրաքանչիւր ընտրատեղամասի մէջ, առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ քուէներու հաշուարկի աւարտը, ապահովել առնուազն մէկ միջազգային դիտորդի մշտական ներկայութիւն:
Նշենք, որ հանրահաւաքին ու անոր յաջորդած երթին ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ պահպանուած էր պատշաճ հասարակական կարգը: