
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Անցնող շաբաթավերջին, Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու ընտրուեցաւ կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ֆրանսուա Հոլանտ, որուն մրցակիցն էր ներկայ ղեկավար Մարթին Օպրին: Հոլանտ ընտրութեան առաջին հանգրուանին քուէներուն 39 առ հարիւրը ապահովելով՝ առաջին դիրքը գրաւած էր, իսկ Օպրի, քուէներուն 31 առ հարիւրը ստանալով՝ ապահոված էր երկրորդ դիրքը: Երրորդ դիրքը գրաւած Առնօ Մոնթպուրկ իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Հոլանտի: Հոլանտ երկրորդ հանգրուանին ապահոված է քուէներուն 56.5 առ հարիւրը, իսկ Օպրի՝ 43.5 առ հարիւրը:
Ըստ հարցախոյզներու, Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուն, 2012ի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին պարտութեան պիտի մատնէ նախագահ Նիքոլա Սարքոզին:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Թուրքիա մօտէն կը հետեւի Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց եւ կը նշէ, թէ թրքական մամուլը կը յիշեցնէ, որ մինչ Սարքոզի վերջերս նեղացուցած է Անգարան, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջեց անկէ, սակայն պէտք չէ մոռնալ այն իրողութիւնը, որ ան դէմ դրած էր Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ եւս վաւերացնելու արշաւին:
Թրքական մամուլը կը գրէ, թէ Հոլանտ բացայայտ կերպով հայասէր է, սակայն ընկերվարականները միշտ կողմնակից եղած են Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու ջանքերուն, մինչ Սարքոզի կ՛ընդդիմանայ անդամակցութեան: Միւս կողմէ, ընկերվարականները Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նկատմամբ համակրանք ունին, մինչ աջակողմեան իշխանութիւնը այդ հարցով միշտ կանգնած է Թուրքիոյ կողքին։