ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ վերաբնակեցուող շրջաններուն մէջ նոր ներդրումներ կը կատարուին: Արդարեւ, Քաշաթաղի շրջանի Կովսական համայնքին մէջ, անցեալ ամիս սկսած են մանկապարտէզի նոր շէնքի մը կառուցման աշխատանքները: Շինարարներուն հաւաստիացումով, մանկապարտէզը պատրաստ պիտի ըլլայ յաջորդ տարի:
Անհրաժեշտ 154 միլիոն դրամը յատկացուցած է պետութիւնը: Այդ գումարով կը կառուցուի մանկապարտէզին շէնքը եւ կը բարեկարգուի շրջակայքը, ներառեալ՝ մարզադաշտը:
«Այս տարի 20 միլիոն դրամի աշխատանք նախատեսուած է. կը հասցնենք միայն պատերը շարել», Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի լրագրողին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է շինարարութիւնը իրականացնող ընկերութեան տնօրէնը:
Մանկապարտէզ պիտի յաճախեն նաեւ մօտակայ Ալաշկերտ եւ Մուշ համայնքներու երեխաները: Անիկա նախատեսուած է աւելի քան 50 փոքրիկներու համար: