ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Սինոփսիս Արմէնիա», «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս» ընկերութիւններուն եւ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիոյ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, ԵԿՏԱի մէջ պաշտօնապէս բացուած է «Հայաստանի մէջ կապի միջոցներու, միքրօ-ելեկտրոնային նախագիծերու եւ համակարգերու ամպիոն»ը:
Նշենք, որ այս երեք ընկերութիւնները Հայաստանի մէջ կապի միջոցներու միքրօ-ելեկտրոնային նախագիծերու եւ համակարգերու կրթութիւնը խթանելու նպատակով, 2011ի ամրան ստորագրած էին համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որուն ծիրէն ներս վերանորոգուած է ԵԿՏԱի կողմէ տրամադրուած համապատասխան լսարանային տարածքը՝ արդի չափանիշներու համապատասխան:
Ծրագիրին մէջ ընդգրկուող ուսանողներուն ընտրութիւնը պիտի կատարուի «Սինոփսիս Արմէնիա»ի, «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի հմուտ մասնագէտներու եւ ԵԿՏԱ առաջնակարգ դասախօսներու կողմէ:
«Սինոփսիս»ի կրթական տարբերակը նպատակ ունի կրթել համապատասխան գիտելիքներով եւ ունակութիւներով օժտուած այնպիսի շրջանաւարտներ, որոնք կրնան արտադրութեան համար պատրաստ աշխատոյժ ըլլալ:
«Յաջողութեան հասնելու կարեւոր քայլերէն մէկը մրցունակ աշխատուժի հաւաքագրումն է: «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը տարբեր ծրագիրներու միջոցով աջակցած է կրթական ոլորտի զարգացման՝ գիտակցելով, որ այս օղակը ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմակայելու իրական լծակ է: Առաջարկ-պահանջարկ յարաբերակցութիւնը կարգաւորելու առումով ալ, կարեւոր է մարդուժի պատրաստման հարցով մասնաւոր հատուածի միջամտութիւնը: Հայաստանի առաջնակարգ բջիջային ընկերութիւնը կը խրախուսէ բոլոր այն ջանքերը, որոնք ուղղուած են սերունդի զարգացման», յայտնած է «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Ամպիոնի դասախօսները պարբերաբար վերապատրաստելու առաքելութիւնը ստանձնած է «Սինոփսիս Արմէնիա»ն: Ուսումնառութեան ընթացքին եւ փորձարկումներու ժամանակ, ուսանողներուն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի կիրառելու իրենց գիտելիքները եւ հմտութիւնները իրական նախագիծերու ծիրէն ներս, ինչ որ պիտի նպաստէ ուսումնառութեան աւարտէն ետք մասնագիտական աշխատանք մեկնարկելու գործին: