
ՍՊԱՆԻԱ, «Փանորամա».- Լեւոն Արոնեան աւարտեց ելոյթները սպանական Պիլպաոյի մէջ կայացած «Մեծ սաղաւարտ»ի եզրափակիչ փուլի մրցաշարքին: Վերջին պտոյտին, հայ «գրոսմայսթըր»ը Վասիլի Իվանչուքի հետ խաղը աւարտեց հաւասար արդիւնքով, եւ 12 միաւորով՝ 3-5րդ տեղերը բաժնեց Հիգարու Նաքամուրայի եւ Վիշուանաթան Անանտի հետ: Հաշուետու խաղին միայն աշխարհի ախոյեան Անանտը յաջողեցաւ յաղթանակ տօնել: Ան 3 միաւոր վաստակեց Վալեխօ Փոնսի դիմաց: Նաքամուրա-Գարլսեն մրցումին նոյնպէս արձանագրուեցաւ հաւասար արդիւնք: Յաղթողի կոչման արժանացաւ Մակնուս Գարլսենը՝ վաստակելով 15 միաւոր: Նոյնպիսի արդիւնք արձանագրած Իվանչուք, լրացուցիչ ցուցանիշներով յայտնուեցաւ երկրորդ հորիզոնականի վրայ: Իսկ մրցաշարքային աղիւսակը եզրափակեց Վալեխօ Փոնսը: