ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ Հոկտեմբեր 26ին Անգարա պիտի այցելէ։ Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներուն ընթացքին Անգարա ամէնէն բարձր մակարդակով իր դժգոհութիւնը պիտի յայտնէ Ժիւփէի, անցեալ շաբթուան ընթացքին Երեւանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կատարուած յայտարարութեան համար։
Սարքոզի Երեւան իր այցելութեան ընթացքին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ յայտարարած էր, որ եթէ Թուրքիա Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնայ, ապա Ֆրանսա յաւելեալ քայլերու պիտի դիմէ՝ անուղղակիօրէն ակնարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքին:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Անգարայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հետ եւ պիտի քննարկէ Նոյեմբեր 2-3ին Ֆրանսայի մէջ կայանալիք «Քսանի խմբակ»ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ «Արաբական գարնան» վերջին զարգացումներն ու միջինարեւելեան խաղաղութեան գործընթացը։