ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցերով գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, անդրադառնալով Թուրքիայէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի՝ Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն՝ յայտնած է, որ Սարքոզի պէտք չէ հանդէս գայ «իբրեւ պատմաբան»։
«Ե՛ւ Եւրոպայի, ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ աշխարհին համար, աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Սարքոզի մտածէ Եւրոպական Միութեան ապագային մասին, եւ իր երկիրը տնտեսական ծանր վիճակէն փրկելու մասին, այլ ոչ թէ հանդէս գայ իբրեւ պատմաբան», ըսած է Պաղըշ, նշելով, որ Սարքոզիի յայտարարութիւնը իր քաղաքական ընտրութիւններու նախաշէմին՝ քուէարկող սիրաշահելու փորձ մըն է պարզապէս։