
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը յստակօրէն կը մնայ մեր օրակարգի առաջնահերթութիւններուն շարքին», ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին եւ ապահովական հարցերու Եւրոմիութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Քաթրին Էշթըն, Եւրոխորհրդարանին առջեւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին ունեցած ելոյթին ընթացքին:
«Աջակցելով Մինսկի խմբակին՝ մենք եւս երկխօսութեան մէջ ենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն հետ, որպէսզի օգնենք անոնց՝ ընդունելի լուծում գտնելու մէջ», շեշտած է ան: