ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 1974ին Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի «Թրքական հանրապետութեան» հետ համաձայնութիւն մը գոյացուցած է՝ ծովային սահմանագծում մը կատարելու, մինչ Կիպրոս կը փորձէ շրջանի բնական հարստութիւնը օգտագործել: Կիպրոսի նախագահ Տեմիթրիս Քրիսթոֆիաս յայտարարած էր, որ ամերիկեան «Նոպըլ» ընկերութիւնը, հակառակ Թուրքիոյ ընդդիմութեան, մօտ օրէն պիտի սկսի Կիպրոսի հարաւային ծովափին մօտ կազի պաշարներու փնտռտուքի աշխատանքներուն։ Պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ այդ աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ ամսուան սկիզբը։ Կիպրոսի կառավարութիւնը յայտարարած է նաեւ, որ պիտի շարունակէ արգելափակել Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ որեւէ փորձ, այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը շարունակէ Կիպրոսի կազային նախագիծերուն դէմ իր սպառնալիքները։ Թուրքիոյ համար Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խոչընդոտներէն է Եւրոպական Միութեան հետ ուժանիւթի շուրջ համաձայնութեան բացակայութիւնը։ Կիպրոսի կառավարութեան ներկայացուցիչ Ստեֆանօ Ստեֆանու յայտնած է, որ Թուրքիան «պէտք է անյապաղ դադրեցնէ Կիպրոսի դէմ բոլոր սպառնալիքները»։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, իր կարգին սպառնացած էր նոյնիսկ մարտանաւեր ուղարկել, եթէ Կիպրոս եւ Իսրայէլ սկսին իրականացնելու ծովի ընթերքը գտնուող կազի պեղման համատեղ նախագիծը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.