ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնադրամին

կողմէ ամէն տարի շնորհուող մրցանակը այս տարի յանձնուած է թրքական «Թարաֆ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ահմետ Ալթանին եւ մեքսիքացի լրագրող ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Լիտիա Քաչոյին:
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին կայացած մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին բեմ հրաւիրուած Ալթան նշած է, թէ այդ մեծ մրցանակը ինք պիտի պահէ ու պիտի յանձնէ այն խիզախին, որ կը բացայայտէ Տինքը սպաննած ոճրային խմբակը: Ան աւելցուցած է, թէ ամօթով կ՛ընդունի այս մրցանակը, որովհետեւ ինք ու 70 միլիոն թուրքեր չկրցան առաջքը առնել Տինքի սպանութեան:
Մրցանակը ամէն տարի կը յանձնուի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խօսքի ազատութեան համար պայքարող հասարակական խիզախ գործիչներու կամ լրագրողներու: