
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պուխարեսթի մէջ ընթացող ծանրամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի 77 քիլոկրամի ծանրորդ Աղասի Աղասեան նուաճած է ոսկիէ մետալը՝ ցոյց տալով 328 քիլոկրամ արդիւնք՝ երկամարտի մէջ: Ա. Աղասեան «պոկում» վարժութեան ընթացքին բարձրացուցած է 148 քիլոկրամ, իսկ «հրում» վարժութեան ընթացքին՝ 180 քիլոկրամ:
Այս քաշային կարգին մէջ արծաթէ մետալ նուաճած է ռուսահայ Ալեքսանդր Սաֆարեանը, որ երկամարտի մէջ ցոյց տուած է 327 քիլոկրամի նուաճում: