
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Սեպտեմբեր 20ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հեղինակաւոր մրցոյթներու դափնեկիր, երգահան եւ ճազ-դաշնակահար Տիգրան Համասեանի՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայանալիք ելոյթներուն եզրափակիչ համերգը:
«Տիգրան Համասեան սօլօ-թրիօ» (Տիգրան Համասեան՝ դաշնամուր, Սամ Մինայէ՝ պաս, Արի Հոէնիկ՝ հարուածայիններ) համերգաշարը սկիզբ պիտի առնէ Սեպտեմբեր 17ին, Ստեփանակերտի ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ:
Սեպտեմբեր 18ին, ան հանդէս պիտի գայ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի յատուկ միջոցառումներու սրահին մէջ, այնուհետեւ՝ Սեպտեմբեր 19ին՝ Գիւմրիի Վ. Աճէմեանի անուան պետական թատրոնին մէջ:
Համասեանի համերգներուն ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Հայաստանի հաշմանդամներու «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի ծրագիրներուն:
Համասեան ծնած է 1987ին, Գիւմրի: Աւարտած է Երեւանի Միքայէլ Միրզոյեանի անուան երաժշտական դպրոցը, այնուհետեւ, ընդունուած է Պ. Չայքովսքիի անուան երաժշտական ուսումնարանը: