Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2011ի երեկոյեան, «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 48րդ տարեդարձը՝ հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի, հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Նէնսի Պետիրաններու եւ տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լորա Գամպէրեաններու, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Խաչիկ Երէցեանի։
Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Թուխման Խաչատուրեանի։ Ապա բոլոր ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին 10 տարի առաջ Նիւ Եորքի ահափեկչական արարքին՝ 9-11ի, զոհերուն յիշատակը:

Հանդիսավար Նիկոլ Մանուկեան, բացման խօսքը արտասանեց՝ գնահատելով եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող մարմիններու երիտասարդացման գործընթացը, որուն վկաներն են կիրակնօրեայի աշակերտներն ու դպրաց դասին մաս կազմած շուրջ 10 պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք ամէն Կիրակի կը շտապեն եկեղեցի, Աստուծոյ տան ծառայութեան համար։ Ան նաեւ գնահատեց վերջին ամիսներուն հաստատուած եկեղեցւոյ կայքէջը՝ holymartyrsarmenianchurch.com-ը, որ ամէն շաբաթ կանոնաւոր կերպով լուրեր կը փոխանցէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին մասին, ինչպէս նաեւ հոն այցելողները կը գտնեն տեղեկութիւններ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան պատմութեան, տօնական օրերու ժամանակացոյցին եւ յարակից մարմիններու աշխատանքներուն մասին, իսկ ամենակարեւորը՝ կայքէջին վրայ տեղադրուած է Ս. պատարագը՝ ձայնագրուած եւ Digitalized ձեւով, իւրաքանչիւր Կիրակիի երգեցողութեան յաջորդական կանոններով։
Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Արդիական միջոցներու այս օգտագործումով մենք կ՛անմահացնենք դարերէն մեզի հասած շարականները, մանաւանդ պատարագի երգեցողութիւնը. իւրաքանչիւր հայ, հայաշատ գաղութներու մէջ կամ ոչ, առիթը պիտի ունենայ կոճակի մէկ սեղմումով իր տրամադրութեան տակ ունենալու մեր սրբազան երգեցողութիւնները։ Տակաւին, կայքէջին վրայ ունինք Ե-նամակի հասցէ մը, որուն միջոցաւ կարելի է անդամագրուիլ եկեղեցւոյ կամ հաղորդակցութեան մէջ մտնել հովիւին ու հոգաբարձութեան հետ»։

Ն. Մանուկեան բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, որ սեղանօրհնէքէն ետք փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան ջերմագին զգացումներով ողջունեց օրուան հիւրընկալները՝ Պետիրեան ու Գամպէրեան ամոլները, ողջունեց ներկաները, որոնք հաւատալով եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ միասնաբար համախմբուած էին տօնելու եկեղեցւոյ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց նուիրատուութեամբ սատարած էին 48ամեակի առթիւ լոյս տեսած յուշագրքոյկին։
Ան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Այսօր՝ 48 տարիներ ետք, մենք կը տօնենք հաւատքով սնած ու տարուէ տարի իրագործուած աշխատանքին արդիւնքը։ Պատիւ բոլոր անոնց, որոնք իբրեւ հոգեւոր սպասարկուներ, հոգաբարձութեան կազմի անդամներ, երեսփոխաններ, կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչներ, Տիկնանց միութեան եւ դպրաց դասի անդամներ եւ մանաւանդ Սան Ֆերնանտօ հովիտի ազգային-հաւաքական կեանքին մասնակցողներ, որոնք իրենց նուիրական ծառայութեամբ մեր գաղութին կեանքը ջերմացուցին ու լուսաւորեցին՝ 48 տարիներ առաջ հիմնելով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին։

«Այս տարի յիշատակելի այլ էջ մը եւս պիտի աւելնայ մեր թեմի եւ եկեղեցւոյս պատմութեան մէջ, որովհետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս, իր հովուապետական շնորհաբեր այցելութեամբ պիտի պատուէ քալիֆորնիաբնակ հայ գաղութը, եւ ծխական շրջաններու այցելութեան ընթացքին նաեւ պիտի պատուէ մեզ իր ներկայութեամբ՝ Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ին, հանդիսապետելով Ս. եւ անմահ պատարագին. մենք առիթը պիտի ունենանք անգամ մը եւս լսելու վեհափառ հայրապետը եւ իր հոգելից պատգամը։ Այդ իսկ պատճառով, սոյն ձեռնարկը, որ աւանդաբար տեղի կ՛ունենար Նոյեմբեր ամսուն, այս տարի հոգաբարձութիւնը յարմար նկատեց կազմակերպել Սեպտեմբերին»։
Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան իր խօսքը եզրափակեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան, ծխական շրջանի Ազգային երեսփոխաններուն, բայց մանաւանդ՝ հոգաբարձութեան անդամներուն, որոնք ամբողջ տարին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ աշխատանքները իրենց առօրեային մէկ մասը դարձուցած եւ ատենապետութեամբ Յարութ Գամպէրեանի՝ Աստուծոյ տան պայծառացման այսօրուան ջահակիրներն են։

Տէր հօր խօսքէն ետք հանդիսավարը հրաւիրեց հոգաբարձու Մարալ Դարբինեանը, որ իր բարի գալուստի խօսքը փոխանցէ։ Մարալ Դարբինեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ իր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ յաւելեալ փայլ մը տուաւ երեկոյին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանին, որ միշտ զօրավիգ է հոգաբարձութեան ծրագիրներուն, ու շրջանի «Ռոստոմ» կոմիտէին եւ ուղեկից միութիւններուն, որոնց անվերապահ զօրակցութեամբ եւ միասնական ջանքերով է որ մեր ազգային կառոյցները կը մնան կանգուն ու կը բարգաւաճին։ Ան հոգաբարձութեան անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ձեռնարկի հիւրընկալներուն, որոնք իրենց այս արարքով անգամ մը եւս եկան փաստելու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ունեցած կապուածութիւնը։ Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալ Նիկոլ Մանուկեանին եւ բոլոր ազնիւ նուիրատուներուն, որոնք միշտ պատրաստ են իրենց լուման ձգելու եկեղեցւոյ պայծառացման գանձանակին մէջ։ Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով.
«Անիի հազար ու մէկ եկեղեցիներու ճարտարապետական ոճով ու մեր նահատակերու յիշատակին կառուցուած այս եկեղեցին, մեր հազարաւոր ու դարաւոր եկեղեցիներէն մեզի հասած կենդանի ու գեղեցիկ վկայութիւն մըն է, որ տասնամեակներէ ի վեր հիացում կը պատճառէ օտարին եւ մեզի՝ բոլորիս։
«Հոգեկան անհուն վայելքով, խունկի բոյրի մէջ ու մոմերու լոյսին տակ ամէն Կիրակի հոն կը մատուցուի Ս. պատարագ, դարերէն մեզի հասած հայարապետներու աղօթքներով ու շարականներու գեղեցիկ երգեցողութեամբ։ Մենք բոլորս արդար հպարտանքով կը մտնենք Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր բազուկի վաստակը դրած է այնտեղ եւ անոնցմէ վեր՝ իր հաւատքը»։
Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ Ս. արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ:
Սրբազան հայրը գնահատեց հոգաբարձութեան նախաձեռնութիւնն ու Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի նուիրական ծառայութիւնը, անգամ մը եւս իր գնահատական խօսքը փոխանցեց երեկոյի հիւրընկալներուն եւ ազնիւ նուիրատուներուն եւ ըսաւ.
«Իւրաքանչիւր տարեդարձ մեր բոլորին համար նոր երազներու եւ նոր տեսիլքներու ուղի մըն է։ Վստահ ենք ներկաներէն շատերը կը վերյիշեն այն օրերը, երբ Միջին Արեւելքի տագնապներուն հետեւանքով, Լոս Անճելըս հաստատուեցան ու գաղութ կազմեցին, եկեղեցի հիմնեցին, որպէսզի անոր հովանիին ներքեւ գաղութը ուրճանայ, միասնակամ մնայ եւ յարատեւէ։ Եւ չէին սխալած, որովհետեւ այսօր, 48 տարիներ ետք, Սան Ֆերնանտօ հովիտի գաղութը աւելի քան երբեք կազմակերպ է, իսկ եկեղեցական թէ ազգային կեանքէն ներս ծառայողները, առաւել եւս յանձնառու են ու գիտակից, եւ այս բոլորը՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի փառս եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 48րդ տարեդարձին առիթով, եկէ՛ք մեր սրտերը լուսաւորենք եւ բիւրեղացեալ հոգիներով մեր ծառայութիւնը ի սպաս դնենք Աստուծոյ տան ու հայ ժողովուրդի ծառայութեան։ Աստուած կը շնորհէ մեզի մեր հոգիներուն լուսաւորութիւնը եւ մենք իրաւունք չունինք տարբեր ուղղութեամբ ընթանալու, որովհետեւ Աստուած մեզի ստեղծած է իր պատկերով։ Բարութեամբ գործենք եւ բիւրեղացեալ հոգիներով գալենք դէպի լուսաւոր ապագայ, մեր լաւագոյնը տալու հաստատ համոզումով»։
Սրբազանին խօսքէն ետք, հովիւին ու հոգաբարձութեան անունով յուշանուէր փոխանցուեցաւ Պետիրեան եւ Գամպէրեան ամոլներուն, առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս իրենց ունեցած ծառայութեան:
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք, իսկ երեկոն խանդավառեց Գօգօ Հայիթեանը։