
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին, Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2011ին, երեկոյեան ժամը 5:30ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանի «Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւնները՝ Ճշմարտութի՞ւն, Թէ Խաբէութիւն» արաբերէնի թարգմանուած գիրքին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին անունով արտասանեց Ճորճ Սապունճեանը, որ նշեց, թէ այս հաւաքին նպատակը պարզապէս գիրքին շնորհահանդէսը չէ, այլ լուսարձակի տակ առնելով հայ-թրքական յարաբերութիւնները՝ անիկա կը միտի հարցը բեմահարթակ բերել: Ապա Սապունճեան ներկայացուց Սասունեանի հակիրճ կենսագրութիւնը:

Խօսք առաւ նաեւ գիրքը արաբերէնի թարգմանող դոկտ. Նորա Արիսեանը, որ նշեց, թէ Յարութ Սասունեանը այն խմբագիրն է, որ լաւապէս կը ճանչնայ հայութիւնը եւ անոր խնդիրները եւ ունի գրելու իր իւրայատուկ եղանակը: Ան ըսաւ, որ Սասունեանի յօդուածները ունին առարկայական հիմք եւ յստակ աղբիւրներ, որոնցմէ են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ մամուլն ու պետական յայտարարութիւնները:
Դոկտ. Նորա Արիսեան նաեւ յայտնեց, որ գիրքին մէջ հեղինակը բնորոշած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն խորքը, թրքական յետին նպատակներն ու քաղաքական մօտեցումները:
Շնորհահանդէսին երկրորդ խօսքը արտասանեց գիրքի յառաջաբանի հեղինակ, նախկին նախարար Միշել Էտտէ, որ ըսաւ, թէ մտաւորական Յարութ Սասունեան իր ուսումնասիրութիւնները կը հիմնէ մարդկային իրաւունքներու վրայ, որպէսզի հասնի իրականութեան եւ արդարութեան: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ ծածկել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որուն բացայայտման մէջ Սասունեան ունի իր մեծ դերակատարութիւնը:
Էտտէ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն եւ հայերուն միջեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հասարակ յայտարարներ, որոնք ոչ միայն անցեալին հետ կապ ունին, այլ նաեւ ներկային: Ան աւելցուց, որ այդ կապը հիմնուած է փոխադարձ եւ իւրայատկութիւններու յարգանքի վրայ:
Նախկին նախարարը յայտնեց, որ բազմաթիւ լիբանանահայեր Լիբանանի զարգացման մէջ իրենց մեծ դերակատարութիւնը ունեցած են, եւ այս իրողութիւնը կ՛ընդունին բոլոր լիբանանցիները՝ անխտիր: Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը լիբանանեան ընկերութեան հիմնական բաղկացուցիչներէն մէկն է, որ մնայուն կերպով ծառայած է երկիրին:
Այս առիթով, նախկին նախարար Էտտէ յայտարարեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան կը նուիրէ 25 հազար ամերիկեան տոլար:

Օրուան վերջին խօսքը արտասանեց «Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւնները՝ Ճշմարտութի՞ւն, Թէ Խաբէութիւն» գիրքի հեղինակ Յարութ Սասունեանը, որ յայտնեց, թէ այս աշխատանքը հիմնուած է բազմամեայ ուսումնասիրութեան վրայ, որուն մեկնակէտն է բացայայտել ճշմարտութիւնը: Ան ըսաւ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կասեցման վերջին քայլը առաւ թրքական խորհրդարանը, որ իր օրակարգէն դուրս հանեց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հարցը:
Սասունեան շեշտեց, որ կատարուածը դիւանագիտական խաղ մըն է, որ չունի լրջութիւն եւ յարաբերութիւնները կայացնելու խորք:
Յարութ Սասունեան նաեւ շեշտեց, որ պաղեստինցիները կարիք չունին Թուրքիոյ նման կեղծ բարեկամի մը, որուն իսկական դիմագիծը արդէն օրըստօրէ կը բացայայտուի: Սասունեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին, նախկին նախարար Միշել Էտտէին, դոկտ. Նորա Արիսեանին, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ «Ազդակ»ին, որոնք նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Ձեռնարկի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի ատենապետ Վաչէ Ծատուրեան յուշանուէրներ յանձնեց նախկին նախարար Միշել Էտտէին եւ Յարութ Սասունեանին՝ առ ի գնահատանք իրենց կատարած աշխատանքին:
Շնորհահանդէսի պաշտօնական բաժինին յաջորդեց գիրքին մակագրումը: