
ԵՐԵՒԱՆ՛ «Հետք».- Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբերին, Արմավիրի մարզի Ամբերդ գիւղին մէջ թաղումը կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 7ին Ասկերանի մարտական դիրքի վրայ սպանուած, 19ամեայ Հայկ Մկրտչեանի: Հայկի հարազատները «Հետք»ի լրագրողին յայտնած են, որ իրենք վճռական են ու մինչեւ վերջ պիտի պայքարին իրենց տղու սպանութեան գործը բացայայտելու ուղղութեամբ, որովհետեւ իրենք չեն հաւատար պաշտօնական մեկնաբանութիւններուն:
Նախորդ օրը տեղի ունեցած հոգեհանգիստի արարողութեան մասնակցած են նաեւ մօտ տասնեակ մը զինուորականներ՝ զինուած ուժերու անձնակազմի հետ տարուող աշխատանքներու գծով վարչութեան պետ Ա. Ալեքսանեանի գլխաւորութեամբ:
Յուղարկաւորութեան նոյնպէս Հայկի զօրամասէն ներկայացուցիչներ եղած են: Իսկ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ծաղկեպսակ ուղարկած է, նաեւ գումար յատկացնելով՝ Հայկի յուղարկաւորութեան ծախսերը հոգալու համար: Նիւթական օգնութիւն եւ ծաղկեպսակ ուղարկած է նաեւ Արմավիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեանը:
Նշենք, որ ըստ պաշտօնական վարկածի՝ Հայկը զոհուած է վիճաբանութեան իբրեւ արդիւնք: Զինուորին սպանած է իր ծառայակից Լենդրուշ Նազլուխանեանը: Հարազատները յայտնած են, որ 19ամեայ տղայի մարմնէն դիահերձման ատեն հանած են 14 փամփուշտ: