ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Դրամային միջազգային հիմնադրամի նախկին ղեկավար Տոմինիք Սթրոս Քան եւս կրնայ իրեն դէմ բռնաբարութեան մեղադրանք ներկայացուցած սպասուհիին դէմ դատական հայց ներկայացնել։ Անոր փաստաբանը նշած է, որ այդ հարցը դեռ կը քննարկուի, սակայն սպասուհիին յարուցած դատական հարցին պատճառով, Սթրոս Քան արդէն իսկ մեծ վնասներ կրած է։ Սթրոս Քանի դատական հարցը Նիւ Եորքի Գերագոյն դատարանի կայացուցած վճիռով փակուեցաւ Երեքշաբթի, Օգոստոս 23ին։ Դատախազութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ մեղքը ապացուցող փաստերը առաջին հերթին բաւարար չեն, իսկ դատը բացողին վկայութիւնները՝ ոչ հաւաստի։ Իրաւապահները բացայայտած էին, որ պանդոկի սպասուհին հարցաքննութեանց ընթացքին բազմաթիւ անգամ ստած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.