ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 23ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեան յայտարարեց, թէ հեռու չէ այն պահը, երբ մենք աւելի շատ մահեր պիտի ունենանք, քան ծնունդներ։ Ան նշեց, որ այսօր կայ «թաքնուած ապաբնակեցում», որ կը նշանակէ, թէ սերունդը ինքզինք չի վերարտադրեր:
Եգանեանի պարզաբանումով, այսօր մեր երկիրին մէջ ծնելիութեան ցուցանշանը 1.7 է, մինչդեռ անիկա պէտք է ըլլայ առնուազն 2.1, որպէսզի սերունդը կարենայ վերարտադրել ինքզինք: «Առայժմ մեր մօտ կայ բնական յաւելաճ, բայց դա ժամանակաւոր երեւոյթ է: Մի քանի տարուց իրավիճակը կը փոխուի, որովհետեւ մահերի դէպքերը աւելանում են, իսկ ծնունդներն էլ նուազում են: Մի պահ այդ երկու ազդակները կը հաւասարուեն, որից յետոյ մահերը կը գերակշռեն ծնունդներին», բացատրեց Ռուբէն Եգանեան:
Ըստ անոր, մեր երկիրին մէջ ծնելիութեան նուազումին հիմնական պատճառը հասարակական-տնտեսական խնդիրներն են, իսկ 25-30 տոկոս պարագաներուն՝ արտագաղթը: Եգանեանի խօսքով, եթէ պետական միջամտութիւն չըլլայ, այս իրավիճակը անդառնալի զարգացում պիտի ունենայ ու պիտի փոխուի բնակչութեան տարիքային կազմը: Ի դէպ, ըստ անոր, որոշ դասակարգումներու համաձայն, Հայաստանի բնակչութիւնը արդէն իսկ կը դասուի ծերացող ժողովուրդներու շարքին:
Եգանեանի համաձայն, խնդիրը միայն չի լուծուիր բազմազաւակ ընտանիքներուն օգնելով, քանի որ բազմազաւակ ընտանիքները բնակչութեան շատ փոքր հատուածը կը կազմեն: Ան կ՛առաջարկէ խրախուսել երկու բան՝ ընտանիքներու կայացումը եւ երեխաներու ծնունդը: