ԱՐՄԱՒԻՐ.- Վերջին օրերուն աղիքային վարակ տարածուած է Արմաւիր քաղաքի Յովհ. Բաղրամեանի անուան ուսումնական զօրամասին մէջ: Աղիքային վարակով եւ լուծով վարակուած է զօրագունդի զգալի մասը՝ շուրջ 400 շարքային զինուոր: Շուրջ հինգ տասնեակ զինուոր տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Ըստ որոշ աղբիւրներու, վարակը յառաջացած է խմելու ջուրէն: Ինչպէս յայտնի է, Արմաւիր քաղաքը որակեալ խմելու ջուրի պակաս ունի, եւ այդ զօրամասին մէջ շատ կարեւոը խնդիր է աղիքային տարբեր հիւանդութիւններէ պաշտպանուիլը։