ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հանրայայտ դերասանուհի Արսինէ Խանջեան դարձած է Երեւանի

կենդանաբանական այգիին մէջ բնակող հայկական մուֆլոնի փոքրիկ ձագուկին խնամակալը: Օգոստոս 11ին, կենդանաբանական այգիին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին, Ա. Խանջեանի յանձնուեցաւ մուֆլոնի խնամակալութեան վկայականը: Հանրայայտ դերասանուհին շատ գոհ էր, որ ինք դարձած է հայկական բնութեան գանձերէն մէկուն՝ մուֆլոնի խնամակալը, եւ զայն անուանած է «Գանձ»:
«Ան Հայաստանի բնութեան գանձն է, եւ մենք պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնենք այսպիսի գանձերու պահպանման համար», ըսած է Ա. Խանջեան: Անոր խօսքով, ան պատրաստ է մեծ հաճոյքով այլ կենդանիներ եւս վերցնելու իր խնամակալութեան տակ։
«Ես ստիպուած պիտի ըլլամ յաճախ այցելել Հայաստան, քանի որ իմ «Գանձ»ը ինծի կը կարօտնայ եւ կրնայ մոռնալ», նկատել տուած է դերասանուհին: Նշենք, որ ըստ այգիի կանոններուն, որեւէ կենդանիի խնամակալութիւն կ՛իրականացուի մէկ տարուան ժամկէտով: Իւրաքանչիւր խնամակալ կը ստանայ խնամակալի անհատական անուանաքարտ, որ ոչ միայն յատուկ ձեռնարկներու մասնակցելու հնարաւորութիւն կու տայ անոր, այլեւ կը կիրառուի իբրեւ անցաթուղթ, երբ խնամակալը կ՛այցելէ կենդանիին:
Կայ խնամակալութեան չորս մակարդակ՝ պրոնզէ, արծաթէ, ոսկիէ եւ ադամանդէ. տարուան ընթացքին խնամակալները տուեալ կենդանիին պահպանման համար կը տրամադրեն 20-100 հազար դրամ: Արսինէ Խանջեան հայկական մուֆլոնի «ադամանդէ» խնամակալն է, այսինքն՝ ան կենդանիին պահպանութեան համար պիտի ծախսէ տարեկան 100 հազար դրամ: