ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է անուանումներու տօնախմբումը: Այս մէկը անշուշտ լաւ եւ պատեհ առիթ մը կ՛ընծայէ, նոյն այդ անուան շուրջ բոլորուածներուն, որպէսզի անոնք կրկին անգամ իրարու քով, մէկ յարկի տակ մեկտեղուելով՝ յիշեն եւ յիշատակեն, խանդավառուին եւ ուրախանան:
Մէկ խօսքով՝ լաւատեսութեամբ ապրելու օրն է:
Անցեալ տարի ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր Կիրակի օր մը նոյն հովանիին տակ հաւաքել իր բոլոր անդամ- անդամուհիները մարզիկները, մարզիչներն ու պատասխանատուները, ու պարզ յայտագիրով մը յիշատակել միութեան օրը:
Մէկ խօսքով, վարչութեան նպատակն է՝ ՀՄԸՄի ճամբով, գաղութէն ներս նոյն այս մեծ ընտանիքի զաւակներուն բաժնել ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը, շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ամբողջ տարի մը նուիրուեցան հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին ֆիզիքական ու ազգային դաստիարակութեան, եւ անսակարկ նուիրաբերեցին ու դէպի յաջողութիւն առաջնորդեցին վարչութեան ծրագիրները:
Այս տարի, սակայն, սոյն տօնակատարութիւնը տարբեր բնոյթ կրեց՝ առաւել խանդավառութեամբ լեցնելով գաղութահայութեան սիրտը: Այսպէս՝ ամիսներ առաջ Wells Fargo դրամատան Փասատինայի մասնաճիւղի ընդհանուր պատասխանատու, տարիներու ՀՄԸՄական Քրիս Գարակէօզեան, Փասատինայի ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայանալով՝ յայտնած էր դրամատան կողմէ ոչ-հասութաբեր միութիւններուն տրամադրելիք նիւթական որոշ օժանդակութեան իր գործած ծրագիրը:
Հաստատապէս, շրջանէն ներս, իբրեւ հայ երիտասարդներ համախմբող եւ անոնց մարմնակրթութեան սիրոյն անսակարկ զոհաբերող միութիւնը՝ շուրջ 35 տարիէ ի վեր Փասատինայի ՀՄԸՄին տարած աշխատանքը, կ՛ամբողջացնէր դրամատան բոլոր
պայմանները:
Այս հիման վրայ, դրամատունը, առ ի գնահատանք միութեան մարզական ծրագիրներու իրագործման աշխատանքներուն, որոշած էր այս տարի անոր տրամադրել տասը հազար տոլար:
Իր կարգին, վարչութիւնը ծրագրած էր սոյն դրամատան իր երախտագիտութիւնը յայտնել յատուկ եւ հրապարակային հանդիսութեամբ մը՝ միաժամանակ պատրաստելով միութեան եւ դրամատան մեծ ու փոքր պաշտօնեաներով կազմուած պասքեթի մրցախաղեր, պաշտօնական կոկիկ յայտագիրով մը:
Այսպէս, այս հանդիսութիւնն ու միութեան անուանման օրուայ նշումը իրարու հանագուցելով՝ Կիրակի, 17 Յուլիս 2011ի կէսօրէ ետք ժամը 2ին, Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ծրագրուած սոյն ձեռնարկը:
Սրահը՝ ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի ու Wells Fargo դրամատան գոյներու հարիւրաւոր եւ տեսակաւոր փուչիկներով զարդարուած, բոլորովին նոր ու գեղեցիկ տեսք ստացած էր:
Իսկապէս, որ տօն էր սրահէն ներս շուրջ 200 սկաուտ, մարզիկ, մարզիչ, պատասխանատու եւ ներկայ անդամներու, ծնողներու, համակիրներու սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Ձեռնարկին, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճ Պետոյեանի եւ իր վարչական անդամներուն կողքին ներկայ էր նաեւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան անդամ Նորա Չափարեան, ինչպէս նաեւ նշեալ դրամատան ամբողջ շրջանի ընդհանոր պատասխանատու Ռ. Վազգեզ, որ իր կողքին ունէր Փասատինայի դրամատան պատասխանատու Քրիս Գարակէօզեանն ու աւելի քան 30 մեծ ու փոքր պաշտօնեաներ:
Նոր կեդրոնի սրահը փոքր կը թուէր խանդավառութեամբ զեղուն յատկապէս փոքրիկներուն համար, որոնք ժամանակէն առաջ իրենց ծնողներուն հետ լեցուցած էին կեդրոնը: Այլ խօսքով՝ սրահը վերածուած էր հայկական գեղեցիկ կեդրոնի մը, ուր հայկական երգն ու երաժշտութիւնը եւ զանազան ուտելիքներ աչքառու դարձած էին: Աներեւակայելի էր նաեւ Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս տիրող ընդհանուր հրճուանքն ու մեծ եռուզեռը:
Նախքան պաշտօնական յայտագիրը, բոլոր ներկաները նախ ճաշով հիւրասիրուեցան միութեան կողմէ: Ապա, յանուն ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Սարգիս Կարապետեան անգլերէնով բարի գալուստի եւ երախտագիտութեան խօսքերով, նախ ջերմապէս գնահատեց Wells Fargo դրամատան կողմէ «Ազատամարտ» մասնաճիւղին նիւթապէս օժանդակելու օրինակելի եւ օգտաշատ այս որոշումը, ապա ամփոփ գիծերու մէջ պարզեց միութեան պատմականը:
«Հոն, ուր ՀՄԸՄ կայ, հոն հայ երիտասարդութիւն համախմբուած է», շեշտեց Կարապետեան եւ աւելցուց. «Մենք բոլորս մաս կը կազմենք այս հսկայ ընտանիքին, որ տարածուած է աշխարհի չորս կողմերը»:
Յիշելէ ետք ՀՄԸՄի եւ ՀՄԸՄականներու կամաւոր բանակի իրավիճակը, Կարապետեան բարի յիշեց հայ երիտասարդութեան դաստիակութեամբ զբաղող ու այս միութեան նշանաբանով առաջնորդուող նուիրեալներուն ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը:
Իր կարգին, դրամատան պատասխանատու պաշտօնեայ Ռ. Վազգեզ գնահատանքի ջերմ խօսքերով ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ այս գաղութին մաս կը կազմեմ: Մենք ձեզի նման միութիւններու կարիքը ունինք»: Ան նաեւ արտայայտուեցաւ միութեան մասին՝ միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ բարեկամութեան այս կապը միշտ մնայ հաստատ երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ: Ապա ան միութեան վարչութեան ատենապետ Պետոյեանին յանձնեց խոստացուած տասը հազար տոլարի չէքը, որուն յատկանշական եւ մեծադիր նկարը ցուցադրուեցաւ ներկաներուն:
Իր կարգին, միութեան ատենապետը, շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք, Վազգեզի անունը կրող «Ազատամարտ»ի շապիկը եւ յուշատախտակ մը նուիրեց դրամատան մեծ պատասխանատուին՝ առ ի յիշատակ եւ երախտագիտութիւն:
Իր սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ երիտասարդ միութենական Քրիս Գարակէօզեան, որ վեր առնելէ ետք օրուան հաւաքին տուն տուող գլխաւոր պատճառը, հպարտութեամբ յիշեց, թէ ՀՄԸՄը եղած է իր երկրորդ եւ սիրելի ընտանիքը: Սրահը կրկին անգամ ծափողջիւններով եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով լեցուեցաւ:
Մէկ խօսքով՝ ներկաներուն համար այս հաւաքը արժէքներու պահպանում էր, ուր ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ նորոգուեցան նաեւ բոլորին ապրումները ու ինքնաբերաբար նոր համակրանք ստեղծուեցաւ՝ հանդէպ այս մեծ միութեան: Ապա կեդրոնի ՀՄԸՄի մարզադաշտին վրայ, համաձայն նախապէս պատրաստուած ծրագիր-յայտագիրին, մինչեւ ուշ երեկոյ տեղի ունեցան պասքեթի բարեկամական մրցումներ՝ «Ազատամարտ» մասնաճիւղին ու Wells Fargo դրամատան մեծ ու փոքր պաշտօնեաներէ կազմուած զանազան խումբերու եւ խմբակներու միջեւ՝ առաւել եւ նոր ոգեւորութիւն մը ստեղծելով կեդրոնէն ներս:
Անկասկած, որ այս մէկ իրողութիւնը ինքնին հաստատ փաստ մըն է, որ Փասատինայի ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը ունի ծաղկեալ, կենդանի, առողջ ու նախանձելի վիճակ մը, որ ծնունդ առած է իր պատասխանատուներուն եւ բոլոր անդամներուն գիտակցութենէն, յարգանքէն, սէրէն եւ վստահութենէն: Այս է նաեւ մեր ազգային գոյատեւման միջոցը:
Ապրի՛ ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը: