Քրտական «ՖըրաԹ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակի սպայակոյտը, յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնած է, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նորանշանակ պետ Նեճտեթ Էօզել չէ գլխաւորած 1999ին քիւրտ զինեալներու դէմ կատարուած գործողութիւնը։ Միաժամանակ, թրքական բանակի սպայակոյտը ո՛չ հերքած է, ոչ ալ հաստատած մամուլի մէջ տարաձայնուող այն լուրերը, ըստ որոնց՝ թրքական բանակին կողմէ 1999ին քիւրտ զինեալներու դէմ կատարուած յատուկ գործողութեանց ժամանակ, քիմիական զէնք օգտագործուած է:
Շաբաթներ առաջ, «Ֆըրա»չ հաղորդած էր, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նորանշանակ պետը հրահանգած էր քիւրտ զինեալներու դէմ քիմիական զէնք օգտագործել, Մայիս 11, 1999ին: Քսան քիւրտ զինեալներ սպաննուած էին այդ գործողութեան ընթացքին։ Զօր. Էօզել, այդ գործողութեան համար քիւրտերու շրջանակէն ներս ճանցուած է «Քիմիական Նեճտե»չ անունով։
Աւելի ուշ, Գերմանիոյ Ձախ կուսակցութենէն հինգ պատգամաւորներ համատեղ յայտարարութեամբ մը նշած էին, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նորանշանակ պետ զօր. Էօզել պատերազմական ոճրագործ է։