ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի կառավարութեան մէջ կան քանի մը անձեր, որոնք կը կարծեն, թէ պէ՛տք է Թուրքիայէն ներողութիւն խնդրել, սակայն, միւս կողմէ՝ աւելի մեծ աջակցութիւն կը վայելէ այն տեսակէտը, թէ նման քայլ պէտք չէ որդեգրուի, ըսած է Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան: «Հասարակութեան մէջ եւս մարդիկ դէմ են ներողութիւն խնդրելու գաղափարին», ընդգծեց Սեւան, աւելցնելով, թէ իսրայէլեան թերթերուն մէջ վերջերս շատցած է հակաթրքական յօդուածներուն թիւը:
Թուրքիա կը պանաջէ, որ Իսրայէլ ներողութիւն խնդրէ «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ իսրայէլացի զինուորներու գործողութեան համար: Սեւան նշեց, որ այսօր Իսրայէլի մէջ հիմնական խնդիրը ներքին տնտեսութեան կը վերաբերի: «Միջազգային օրակարգը, ներառեալ՝ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները, իջած են երկրորդական մակարդակի», աւելցուց ան: Ըստ թրքական մամուլին, Իսրայէլ որոշումի մը չի յանգիր, որովհետեւ աջակողմեան ուժերը դէմ կու գան ներողութիւն խնդրելու պահանջքին, նոյնիսկ՝ «ամբարտաւանութիւն» կ՛որակեն Թուրքիոյ այս պահանջքը։