ՍՈՉԻ, «Ազատութիւն».- Սոչիի մէջ Օգոստոս 9ին կայացաւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը:
Ըստ Քրեմլինի տեղեկատուական կեդրոնի հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին Տմիթրի Մետվետեւ

ու Իլհամ Ալիեւ քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացն ու միջազգային խնդիրները:
Հանդիպման առաջին մասին ներկայ եղած են թղթակիցներ: «Ի հարկէ, գլխաւոր թեմաներէն է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը: Ես պիտի փափաքէի հնարաւորինս անկեղծ խօսիլ այն մասին, թէ ի՛նչ պէտք է ընել հետագային, ինչպէս պիտի զարգանան իրադարձութիւնները՝ հաշուի առնելով Քազանի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ եւ նախորդ հանդիպումները», թղ-թակիցներու ներկայութեան ժամանակ իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ ըսած է Մետվետեւ:
Իր հերթին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն շահագրգիռ է ղարաբաղեան հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորումով:
«Ես պիտի փափաքէի իմ երախտագիտութիւնը յայտնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ձեր ցուցաբերած ջանքերուն համար: Ատրպէյճանը շատ բարձր կը գնահատէ գործընթացին ձեր անձնական ներգրաւուածութիւնը», նշած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահի միջնորդութեամբ իրականացած եռակողմ քանի մը բանակցութիւնները շատ մօտեցուցած են կողմերու դիրքորոշումները:
«Ատրպէյճանը հաւանաբար բոլորէն շատ շահագրգռուած այդ հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորմամբ, որպէսզի բոլոր տեղահանուածները վերադառնան մշտական բնակութեան վայրեր, որպէսզի իշխէ խաղաղութիւնը եւ անդորրը», յայտարարած է Ալիեւ եւ աւելցուցած. «Իհարկէ, այն սկզբունքներուն մէջ, որոնց հիման վրայ կը նշմարուի կարգաւորումը, արտացոլուած են միջազգային իրաւական չափանիշները: Այդ պատճառով ալ հակամարտութեան հնարաւորինս արագ կարգաւորումը կը բխի բոլոր կողմերու շահերէն»:
Ինչ կը վերաբերի այլ բնագաւառներու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան, ե՛ւ Ատրպէյճանի, եւ Ռուսիոյ նախագահները ընդգծած են, որ տնտեսական, ուժանիւթային ու մարդասիրական բնագաւառներու մէջ համագործակցութիւնը բաւական լաւ կ՛ընթանայ. արձանագրուած է երկկողմ ապրանքաշրջանառութեան աճ եւ կան աճի ջանքերը արագացնելու հեռանկարներ:
Նշենք, որ Իլհամ Ալիեւը Սոչի մեկնած է Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով: Յունիս 24ին կազանեան եռակողմ բանակցութիւններէն ետք ասիկա Ալիեւ-Մետվետեւ առաջին հանդիպումն էր: Հանդիպման նախաշէմին՝ անցեալ շաբաթավերջին, երեք լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցին Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ 2008ի ռուս վրացական հնգօրեայ պատերազմը «լուրջ դաս էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար» եւ աւելցուցած է, որ աւելի լաւ է Ղարաբաղի ճակատագիրի հարցով անվերջ բանակցութիւններ վարել, քան անցընել այդ պատերազմական հինգ օրը: Մետվետեւի այս յայտարարութիւնը ատրպէյճանական քանի մը թերթ կը մեկնաբանեն իբրեւ զգուշացում Ատրպէյճանին, որ պարբերաբար կը յայտարարէ, որ հայերուն կողմէ «գրաւուած տարածքները ուժի ճանապարհով պիտի ազատագրէ»:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Օգոստոս 12ին պիտի մեկնի Ասթանա՝ Հաւաքական Անվտանգութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով: Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կը կանխատեսուի Մետվետեւ-Սարգսեան հանդիպումը, թէեւ այդ մասին պաշտօնական տեղեկութիւններ առայժմ չկան: