ՊԱՔՈՒ.- «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ատրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչութեամբ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներու սկսելու։
«Կը կարծեմ, թէ որոշ յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ մենք հանգիստ կրնանք անցնիլ խաղաղ համաձայնագիրի», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Պաքու ե՞րբ կրնայ սկսիլ հայկական կողմին հետ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու՝ Մամետեարով ըսած է. «Նոյնիսկ այսօ՛ր։ Տարբեր լրատուամիջոցներ կը գրեն այն մասին, թէ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը յաջողութեամբ չպսակուեցաւ։ Սակայն ես այդ տեսակէտին համաձայն չեմ։ Ես աւելի կը կիսեմ այն դիրքորոշումը, որ նախ եւ առաջ, ինչ որ արտացոլուած է արդէն նախագահներու յայտարարութեան մէջ, մերձեցում տեղի ունեցած է, եւ երկրորդ, մենք՝ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը, պէտք է շարունակենք բանակցութիւնները առանց որեւէ քարոզչական քայլերու, պէտք է շարունակենք դիրքորոշումներու մերձեցման համար աշխատանքները»:
«Ատրպէյճան կը շարունակէ 2010ի Սոչիի հանդիպումէն ի վեր հանդէս գալ նոյն դիրքերէն։ Մենք պատրաստ ենք խաղաղ պայմանագիրի թեքսթի մշակման շուրջ աշխատանքները սկսելու՝ հաշուի առնելով այն, ինչ կատարուած է։ Քազանը մեզի թոյլ տուաւ դէպի յառաջ շարժելու։ Մենք կը հասնկնանք, որ դեռ կան չհամաձայնեցուած տարրեր, սակայն անոնք ամէն պարագայի պէտք է արտացոլացուին խաղաղ համաձայնագիրի մէջ։ Եւ եթէ իրականութեան մէջ կայ բարի կամք, ապա եկէք առանց սպասելու հիմնարար սկզբունքներու առնչութեամբ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին, մէկ անգամէն սկսինք աշխատանքներու։ Հիմնարար սկբզունքներուն մէջ գոյութիւն ունին չհամաձայնեցուած մանրամասնութիւններ, եւ ինչու ջանք մսխել այդ տարրերու համաձայնեցման ուղղութեամբ, եթէ ատոնք, ամէն պարագայի, պիտի արտացոլացուին խաղաղ համաձայնագիրին մէջ», ըսած է Մամետեարով՝ կոչ ուղղելով խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքները անյապաղ սկսելու։
«Եկէք ամբողջ աշխարհին ցոյց տանք մեր քաղաքական կամքը, թէ՝ մենք պատրաստ ենք անմիջապէս, իրաւաբանօրէն պարտադրուող խաղաղ պայմանագիրին շուրջ աշխատանքներու սկսելու, քան՝ քաղաքական փաստաթուղթի», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։
Այս ճռուողիւնին մէջ թրքական հոգեբանութիւնը կը ձոլայ, նման մանկական արտայայտնութիւններու. Որու՞ն կ՛զէ խաբել…