
ՍՓԱՐՔՍ, Նեւատա, «Էյ.Փի.».- Նեւատա նահանգի Հանրապետական կուսակցութիւնը վերջերս կուսակցութեան ղեկավար ընտրած է Էյմի Թարխանեանը, որ կինն է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նախկին թեկնածու, գործարար եւ իրաւաբան Տենի Թարխանեանի, ու հարսը՝ համալսարանական պասքեթպոլի հռչակաւոր մարզիչ Ճերի Թարխանեանի:
Էյմի Թարխանեան խոստացաւ կուսակցութեան նահանգային կառոյցին մէջ բազմացնել փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու եւ կիներու թիւը, ցաւ յայտնելով, որ նահանգային խորհրդարանի 27 հանրապետական անդամներէն ոչ մէկը փոքրամասնութեան մը ներկայացուցիչ է, եւ անոնցմէ միայն երեքը՝ կին է:
Կուսակցութեան ղեկավարի յաջորդ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկու տարի ետք: