ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ Պոլսոյ մէջ ատեան մը Հինգշաբթի, Յունիս 23ին կը մերժէր «Էրկենեքոն»ի հարցով ամբաստանուած եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ցանկով երեսփոխան ընտրուած երկու թեկնածուներու ազատ արձակումը, այլ տագնապ մը կը ծաւալէր Տիարպեքիրի մէջ, որ հետեւանքն էր քիւրտ երեսփոխան Հաթիպ Տիճլէի երեսփոխանութեան ջնջումին՝ ընտրական բարձագոյն խորհուրդի կողմէ։ Արդարեւ, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան զօրակցութեամբ ընտրուած անկախ երեսփոխանները ժողով մը գումարեցին ու համաձայնեցան այն սկզբունքին վրայ, թէ խորհրդարան պիտի չերթան, մինչեւ շօշափելի քայլ մը առնուի Տիճլէի ի նպաստ։
Երեսփոխանները բողոքեցին նաեւ Տիճլէի փոխարէն իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Օյա Էրոնաթին երեսփոխան նշանակելու որոշումին դէմ։
Կ՛ակնկալուի, որ երեսփոխաններու երդումի արարողութիւնը կատարուի Յունիս 28ին։ Եթէ անկախ երեսփոխանները իրենց դիրքը չփոխեն մինչեւ յիշեալ թուական, աւելի քան երեսուն աթոռներ պարապ պիտի մնան խորհրդարանի մէջ։ Ըստ օրէնքի, այն երեսփոխանները որոնք պիտի չկարենան մասնակցիլ երդման արարողութեան, պարտին երդում ընել այն նիստին, որուն պիտի մասնակցին։