
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակիցները արդէն իսկ իրենց աշխատանքներուն սկսած են Երեքշաբթի, Յունիս 21ին, ներկայ ըլլալով Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին:
Յառաջիկայ 12 շաբաթներուն ընթացքին անոնք շարք մը աշխատանքներու, դասախօսական ներկայացումներու եւ աշխատանիստներու մասնակցելով, աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան համայնքային ու պետական կառոյցներուն:
Այս տարուան ծրագիրին մասնակիցներն են՝ Սիփան Բելկարեան, Փաթիլ Տէրտէրեան, Անուշ æրբաշեան, Սելին Խալաֆեան եւ Շանթ Սերայտարեան: