
ԼՈՆՏՈՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ», «Պի.Պի.Սի.»ի ռուսական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ աւելցուցած. «Մենք ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ մեր հարեւան թուրք գործընկերներն ալ յանգին այն եզրակացութեան, որ 21րդ դարուն փակ սահամաններ ունենալը անհեթեթութիւն է»:
Վարչապետը յոյս յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ գործել 2009ին ստորագրուած Հայ-թրքական արձանագրութիւններու պայմաններուն ծիրէն ներս, որոնք կը միտին երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման:
Յայտնենք, որ վարչապետին աշխատանքային այցը Մեծն Բրիտանիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա աւարտեցաւ Հինգշաբթի, Յունիս 16ին:
Ան Չորեքշաբթի գիշեր «Պաքինկհամ» պալատին մէջ մասնակցած էր Մեծն Բրիտանիոյ արքայազուն Չարլզի կազմակերպած ընդունելութեան, որուն յաջորդած է համերգ մը:
Պալատին մէջ տեղի ունեցած է «Երեւա՛ն, իմ սէր» ծրագիրի երկրորդ փուլի դրամահաւաքը, որուն մասնակցած են նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Լոնտոն ժամանած հայ գործարարներ: