
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Օրինաց Երկիր կուսակցութեան փոխնախագահ Մհեր Շահգելդեան նշանակուած է Ռուսաստանի հայերու միութեան առաջին փոխնախագահ: Ան պիտի աշխատի Երեւանի մէջ: Այս մասին Յունիս 15ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Մհեր Շահգելդեան՝ ըսելով. «Սա հասարակական գործունէութիւն է, սա աշխատանք չէ՝ որպէս այդպիսին. Ռուսաստանի հայերի միութիւնն իրականացնում է ծրագրեր, որոնք ուղղուած են գիտական, մշակութային խնդիրների լուծմանը, ազգային արժէքների ճանաչմանը»:
Այն հարցումին, թէ նախընտրական թէժ տարուան ընթացքին ինչպէ՞ս պիտի համատեղէ նոր աշխատանքը կուսակցական գործունէութեան հետ, Մհեր Շահգելդեան պատասխանեց. «Կուսակցական աշխատանքի հետ սա ոչ մի կապ չունի: Ես շարունակելու եմ զբաղուել կուսակցական աշխատանքով, այնպէս, ինչպէս եւ զբաղուել եմ»:
Յիշեցնենք, որ Մհեր Շահգելդեան ի՛ր իսկ հրաժարականով հեռացած էր Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնէն, եւ մէկ տարի է ինչ կը զբաղի զուտ կուսակցական գործունէութեամբ: Զրոյցի ընթացքին ան մերժեց գնահատական տալ իր կուսակցական գործունէութեան մասին՝ աւելցնելով, որ այդ մէկը պէտք է հասարակութիւնը ընէ: