ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեան մեկնած է Լոնտոն՝ մասնակցելու համար Յունիս 7ին իրականացուելիք «Ռուսական արուեստի աճուրդ»ին, ուր վաճառքի պիտի հանուի նաեւ Մարտիրոս Սարեանի «Կովկասեան քաղաքի փողոց» կտաւը:
Ըստ տուն-թանգարանի գիտաշխատող Բելլա Իսահակեանի, կտաւը գնահատուած է 200-300 հազար եուրօ, իսկ այդքան գումար չի կրնար տրամադրել թանգարանը կամ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը: «Մնում է միայն յուսալ, որ որեւէ հայ բարերար կը գնի այն եւ կը նուիրի տուն-թանգարանին», ըսաւ Բ. Իսահակեան:
Նշենք, որ «Արթ Տէյլի» համացանցային հանդէսը սոյն կտաւը բնորոշած է իբրեւ «բաւական հազուագիւտ գործ՝ Սարեանի փարիզեան շրջանէն»: