ԱՐԱՐԱՏ, «Նիուզ».- Ազատ գետի վարարման հետեւանքով, Յունիս 1ին ողողուած են Արարատի մարզի Բուրաստան գիւղի մշակելի ցանքատարածքներ:
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան (ԱԻՆ) փրկարար ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ դէպքի վայր մեկնած են մարզային փրկարարական խումբը:
Պարզուած է, որ Բուրաստան գիւղին մէջ ողողուած է մօտ երկու հեքթար մaշակելի ցանքատարածք, ինչպէս նաեւ գետի ափին գտնուող շինութեան հիմքը: Լանջազատ գիւղին մէջ փլած է համայնքային նշանակութիւն ունեցող կամուրջը, ջրածածկ եղած է 3000 քմ. մակերեսով հողատարածք: Դեղձուտ գիւղին մէջ ջրածածկ եղած է ճանապարհի շուրջ 70 մեթր ափամերձ հատուած եւ շուրջ 400 քմ. մակերեսով հողատարածք:
Նոյն օրը, Եղէգիս գետի վարարման պատճառով, Վայոց Ձորի մարզի Հերմոն գիւղին մէջ վնասուած է խմելու ջրագիծի շուրջ 40 մեթր հատուածը, ողողուած են մշակելի ցանքատարածքներ, փլած է դաշտամիջեան կամուրջը, իսկ Շատին գիւղէն Եղէգիս, Հերմոն, Գողթանիկ, Վարդահովիտ, Արտաբոյնք եւ Հորբատեղ գիւղերը տանող ճանապարհը դարձած է անանցանելի:
Նոյն մարզին մէջ, Արփա գետի վարարման հետեւանքով, վնասուած են Երեւան-Մեղրի ճանապարհին վրայ 30 մեթր հատուած, Արփի գիւղին մէջ ջրածածկ եղած է 15 եւ ողողուած է 2 հեքթար մշակելի ցանքատարածք, իսկ Գեղարքունիքի Գեղհովիտ գիւղին մէջ Մարտունի գետի վարարման հետեւանքով, փլած են ափապաշտպան երկկողմանի պատնէշները: